image

Հնդկաստանը 2023-ի կէսերուն բնակչութեան թիւով առաջ պիտի անցնի Չինաստանէն. ՄԱԿ

Հնդկաստանը 2023-ի կէսերուն բնակչութեան թիւով առաջ պիտի անցնի Չինաստանէն. ՄԱԿ

Հնդկաստանի բնակչութիւնը 2023 թուականի կէսերուն պիտի հասնի 1,4286 միլիառի՝ գերազանցելով Չինաստանի բնակչութիւնը, որ կը կազմէ 1,4257 միլիառ։ Այս մասին նշուած է Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան ներկայացուցած Բնակչութեան հիմնադրամի զեկոյցին մէջ:

«Չեն կրնար նշել այն օրը, թէ երբ Հնդկաստանի բնակչութիւնը կը գերազանցէ Չինաստանի բնակչութիւնը, քանի որ ճշգրիտ ամսաթիւը չի կրնար յայտնի ըլլալ»,- ԹԱՍՍ-ին այս տուեալները մեկնաբանած է ՄԱԿ-ի Բնակչութեան հիմնադրամի ներկայացուցիչ Էտի Ռայթը։

Հնդկաստանի որոշ շրջաններուն մէջ բնակչութիւնը նախկինի պէս շատ արագ կ'աճի տեղի տնտեսութեան համար, որու հետեւանքով աշխատունակ երիտասարդները աւելի շատ են, քան աշխատատեղերը։

Ապրիլ 18-ին World Population Prospects-ը եւ Market Watch-ը յայտնած են, որ Հնդկաստանի բնակչութիւնն արդէն գերազանցած է Չինաստանի բնակչութիւնը։