Հայաստանի առողջապահական ոլորտին մեծ բարերարութիւններ կատարած ամերիկահայ Մայք Սարեան նոր գրառումով հանդէս եկած է։
Սարեան, որ այս գրառումով պատասխանած է կարգ մը կողմերու կողմէ իր նախկին գրառումին վերաբերեալ եղած կասկածամտութեան նաեւ ըսած է, որ մեծ թիւով եւ բաւական թանկ արժող առողջապահական սարքերը ինք ու իր բարեկամները մեծ ուրախութեամբ ուղարկած են Հայաստան եւ ուղարկելու օրն ալ պատրաստած են յատուկ տեսանիւթ մը փաստագրելու համար ամբողջ եղելութիւնը։
Ստորեւ մեր ընթերցողներու ուշադրութեան կը յանձնենք Սարեանի անգլիագիր գրառումը, ինչպէս նաեւ այդ սարքերը Հայաստան առաքելու օր պատրաստուած տեսանիւթերէն մին։
Մեր տեղեկութիւններով Սարեան պիտի շարունակէ այս թեմայով նոր գրառումներ ալ կատարել։
You be the judge!!! We did this massive medical equipment assistance to help our nation and our people! We even produced a nice video with a patriotic song because we were very enthusiastic to help Armenia!
Our Biomedical Enginering department checked each item before it was shipped and it was certified to be in good condition and usable in hospitals!!! If it is good for American hospitals which are the best in this world it’s good anywhere including Armenia!!!