image

ՀՀ իշխանութիւնները պէտք է անյապաղ ուսումնասիրեն լրագրողներու հանդէպ բռնութեան դէպքերը․ IPI

ՀՀ իշխանութիւնները պէտք է անյապաղ ուսումնասիրեն լրագրողներու հանդէպ բռնութեան դէպքերը․ IPI

Հայաստանի իշխանութիւնները պէտք է ապահովեն անվտանգ աշխատանքային պայմաններ լրատուամիջոցներու բոլոր աշխատակիցներու համար: Այս կոչով հանդէս եկած է Մամուլի միջազգային հիմնարկը (IPI)՝ անդրադառնալով յունիս 12-ին ԱԺ-ի մօտ բողոքի ցոյցերու լուսաբանման ընթացքին տասնեակ լրագրողներու տուժելու դէպքերուն։

Հիմնարկը կոչ կ՚ընէ մանրակրկիտ հետաքննելու այս միջադէպերը, որու հետեւանքով առնուազն 10 լրագրող եւ նկարիչ վիրաւորուած է:

«Իշխանութիւնները պէտք է անյապաղ կատարեն յունիս 12-ի դէպքերու մանրակրկիտ եւ անկողմնակալ հետաքննութիւն։ Անկախ բողոքի ցոյցերու բնոյթէն՝ անթոյլատրելի է աշխատանքը կատարող լրագրողներու նկատմամբ աւելորդ ուժի կամ բռնութեան որեւէ կիրառում: Իւրաքանչիւր ոք, որ պատասխանատու է աւելորդ ուժի կիրառման համար, պէտք է պատասխանատւութեան ենթարկուի»,- յայտարարած է IPI-ի փոխտնօրէն Սքոթ Կրիֆընը։