Լաչինի միջանցքի փակման հետեւանքով Գորիսի հիւրանոցներուն մէջ գտնուող Արցախի բնակիչներուն այցելած է առողջապահութեան նախարարի տեղակալ Արմէն Նազարեանը:
Առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ ան հետաքրքրուած է մինչ օրս հասցէագրուած անոնց կարիքներու լուծման ընթացքով:
Փոխնախարարը նաեւ այցելած է Գորիսի բժշկական կեդրոն, հանդիպում ունեցած է բուժանձնակազմի հետ, քննարկած է բուժօգնութեան կազմակերպման հարցեր: