image

Հայրս՝ «Թրէնճի Վարդանը».Գրեց ՝ Յակոբ Միքայէլեան

 Հայրս՝ «Թրէնճի  Վարդանը».Գրեց ՝ Յակոբ Միքայէլեան

 Նորգիւղի,  բամպակի գործարանի մը մէջ իր ամէնօրեայ աշխատանքէն ետք, երբ տուն  գար, պատառ մը բան կ՛ուտէր ու պատուհանին մօտ, գլուխը ձեռքին յենած, մտքերու մէջ խորասուզուած,  կը մնար այդպէս ժամերով:

Վստահ էի, որ միտքով դեռ «Հո՛ն» է, Զէյթունը կ՛երազէ: Ինք ու իր նման իրեն տարեկից զէյթունցիները, որոնք յաճախ, երբ քով-քովի կու գային, նիւթերնին անպայման Զէյթունի վրայ կ՛ըլլար: Կը խօսէին, կը պատմէին, ու վերջաւորութեան «Սեպապ եղողը քեպապ թող ըլլայ» ըսելով կը փակէին «նիստը»: Թէ որո՞ւ կ՛ակնարկէին, Թուրքի՞ն, թէ պատրիարքին, չհասկցայ: 

 

-Վարդա՛ն, տղա՛ս,- ըսաւ փաստաբանը,- քանի ամիս է մեր մօտ կ՛աշխատիս, սիրեցինք քեզ, որովհետեւ պարկեշտ ես, աշխատասէր ես, վստահելի, բծախնդիր, գիտես մեծը յարգել, աղքատ ես, բայց աչքդ կուշտ է. քանի անգամ փորձեցինք քեզ, մէջտեղները դրամ ձգեցինք, տեսնենք պիտի գրպանդ դնե՞ս, ոչ՛, գտածիդ պէս անմիջապէս վերադարձուցիր:

Քեզի սիրեցինք մեր զաւկին պէս. հոս կ՛ուտես, հոս կը քնանաս, մեր աւելորդ զգեստներէն քեզի բաժին կը հանենք, այնպէս որ դրամ ծախսելու պէտք չես ունենար, քու աշխատավարձերդ մեր քով պահուած են, յաջորդներն ալ անոնց վրայ կ՛աւելցնենք  ու կոկիկ գումար մը կ՛ըլլայ, ես ու ատամնաբոյժ եղբայրս կը մտածենք Ազիզիէէն յարմար պզտիկ հողակտոր մը գնել քեզի համար, մէկ մասը կը վճարենք, մնացեալն ալ կամաց-կամաց: Օր մը վրան մէկ-երկու սենեականոց տուն մը կը պատես, քեզի ալ կ՛ամուսնացնենք հայ աղջկայ մը հետ ու տուն-տեղ կ՛ըլլաս... Հը՞, ի՞նչ կ՛ըսես:

Տասնըեօթ տարեկան պատանի Վարդանը, որ վեց ամիսներէ ի վեր տեղացի հանրածանօթ  փաստաբանի մը տան մէջ որպէս ծառայ մտած էր,  գլխիկոր մտիկ կ՛ըներ ու չէր խօսէր: Ինք արդէն ամօթխած, քչախօս, հիմա ալ այս անակնկալ առաջարկը...

-Հը՞, ի՞նչ ըսիր, լաւ գաղափար չէ՞,- ըսաւ փաստաբանը:

Վարդան գլուխը քիչ մը բարձրացուց ու իր կոտրտած արաբերէնով փորձեց պատասխանել.

-Սամի պէկ,- ըսաւ,- շատ շնորհակալ եմ, որ զիս փողոցը չձգեցիք, գործ տուիք, ուտելիք ու պառկելու տեղ տուիք, ես իսկապէս երախտապարտ եմ, ձեզ շատ կը սիրեմ եւ կը յարգեմ, սակայն երբ ալ ըլլայ, երբ այս պատերազմը վերջ գտնէ, պիտի տունս վերադառնամ, գտնեմ եղբայրներս, քոյրերս, որոնք կորսնցուցի գաղթի ճամբան: Երթամ մեր այգիները մշակեմ, ով գիտէ հիմա արդէն չորցած են, երթամ կեանք տամ անոնց:

-Տղաս, դուն դեռ Զէյթո՞ւնը կ՛երազես, կը կարծես որ թուրքերը պատերազմէն ետք ձեզի թոյլ կու տան  որ ետ վերադառնաք ձեր տունե՞րը: Եաւրում, ասոնք թուրք են, մէյ մը որ ձեզ տեղահան ըրին, այլեւս ետ չեն ձգեր որ վերադառնաք: Դուն դեռ երիտասարդ ես, դեռ չես ճանչցած թուրքը:

-Սամի պէկ, մենք զէյթունցի ենք, թուրքերը քառասուն անգամ արշաւած են Զէյթունի վրայ եւ փորձած են գրաւել զայն ու չեն կրցած, Զէյթունը արծուեբոյն է: Բայց ինչ ըսեմ մեր պատրիարքին խաբուեցաւ Բարձր Դրան խոստումներէն ու հրահանգեց մեր առաջնորդին ժամանակաւորապէս հեռանալ, մինչեւ որ պատերազմը աւարտի, անկէ ետք, բոլորս ետ մեր տուները պիտի վերադառնանք եղեր: Մեր չորս իշխաններն ալ դէմ կեցան, բայց պատրիարքին հրահանգը մերժել չեղաւ, ձգեցինք մեր տունն ու տեղը եւ բռնեցինք գաղթի ճամբան: Հիմա կը սպասենք որ պատերազմը վերջանայ: Ալ ինչո՞ւ համար այստեղ հաստատուելու մասին մտածեմ:

Սամի Պէկը գլուխը տարուբերեց ու աւելորդ նկատեց շարունակել: Գիտեր որ դիմացինը թէեւ պատանի է, բայց զէյթունցի է ու զէյթունցիները յամառ կ՛ըլլան:

Պատերազմը վերջացաւ, բայց վերադարձի ոչ մէկ նախանշան, կամ աւետիս: Երկու տարի փաստաբանին մօտ աշխատելէ ետք, բարի մարդն ալ երբ իրազէկ դարձաւ որ վերադարնալու ամէն յոյս կորսուած է, ուզեց որ Վարդանը այլեւս ծառայ չմնայ, այլ արհեստի մը տէր դառնայ, տուն-տեղ ըլլայ ու հաստատուի:

Վարդան 1919-ին ընդունուեցաւ Հալէպի երկաթուղիի ընկերութեան մէջ, որրպէս շոգեշարժավարի օգնական: Արհեստը շատ շուտ սորվեցաւ: Այստեղ ալ իր մէջի դրական ունակութիւնները գնահատեցին ու շուտով պաշտօնի բարձրացում ունեցաւ:

1921-ին ամուսնացաւ  զէյթունցի Լուսիայ անունով որբ աղջկայ մը հետ: Շոգեկառքի կայարանին կից բնակավայրին մէջ իրեն յարմարաւէտ տուն մը յատկացուցին, որուն անմշակ պարտէզը մէկ տարուայ մէջ ծաղկաւէտ բուրաստանի վերածեց, ուր վարդենիներ, պտղատու ծառեր, խաղողի ողկոյզներով բեռնաւորուած որթատունկեր այցելուները կը հրապուրէին:

Վարդան եւ Լուսիայ ունեցան վեց զաւակ՝ չորս աղջիկ, երկու մանչ, որոնցմէ առաջինը՝ տասնվեցամեայ Միքայէլը 1941-ի Նոր տարուայ առաջին օրը հողին յանձնեցին:

Կորսուած հայրենի տան ցաւը դեռ չամոքուած, զաւկին ցաւը  ընկճեց մարդը: Արդէն քչախօս էր, աւելի լռակեաց դարձաւ: 

Վարդանի եւ Լուսիայի վեց զաւակներուն վերջինը ես էի, որ ծնայ եղբօրս մահէն երկու տարի ետք:

Հայրս 33 տարի աշխատեցաւ Հալէպի երկաթուղիի կայարանին մէջ, (հայերուն կողմէ ճանչցուեցաւ որպէս «Թրէնճի Վարդան», իսկ արաբները զինք «Մուալլէմ Ուարթան» կը կոչէին) ու հասաւ շարժավարի բարձրագոյն մակարդակին, իր պաշտօնական գլխարկին վրայ 4 ոսկեգոյն երիզներ ունէր, եւ երբ հանգստեան տարիքին հասաւ, ակամայ դադրեցաւ կայարանի աշխատանքէն: Փոխադրուեցանք Նորգիւղ:

Նորգիւղի,  բամպակի գործարանի մը մէջ իր ամէնօրեայ աշխատանքէն ետք, երբ տուն  գար, պատառ մը բան կ՛ուտէր ու պատուհանին մօտ, գլուխը ձեռքին յենած, մտքերու մէջ խորասուզուած,  կը մնար այդպէս ժամերով:

Վստահ էի, որ միտքով դեռ «Հո՛ն» է, Զէյթունը կ՛երազէ: Ինք ու իր նման իրեն տարեկից զէյթունցիները, որոնք յաճախ, երբ քով-քովի կու գային, նիւթերնին անպայման Զէյթունի վրայ կ՛ըլլար: Կը խօսէին, կը պատմէին, ու վերջաւորութեան «Սեպապ եղողը քեպապ թող ըլլայ» ըսելով կը փակէին «նիստը»: Թէ որո՞ւ կ՛ակնարկէին, Թուրքի՞ն, թէ պատրիարքին, չհասկցայ: 

Հօրս բազմանդամ ընտանիքէն միակ քոյր մը փրկուած էր ու տարիներով արաբներու մէջ մնալով, անոնց կիներուն նման դէմքին վրայ կապոյտ դաջուածքներ ունէր, երբ օր մը, ծանօթի մը օգնութեամբ իրարու հանդիպած էին Հալէպի մէջ: Այդ քոյրը իր ընտանիքով 1946-ին առաջին կարաւանով ներգաղթեց Հայաստան, անկէ ետք քոյր ու եղբայր մէյ մըն ալ զիրար չտեսան: Հօրս դէմքէն թախիծը անպակաս էր: Կորսնցուց հայրենիք, կորսնցուց տղայ զաւակ, կորսնցուց նաեւ միակ քոյրը, ալ ինչպէ՞ս տխուր չըլլար:

Զէյթունցիներ... իրենց էրկրին մէջ մէկական հերոս, այստեղ կամաց-կամաց հալող ու սպառող ծերունիներ, որոնց միակ թթուածինը կորսուած հայրենիքի փշրուած յիշատակներն էին:

«Լեռնականներու Վերջալո՞յսն» էր: 

Իրենց համար այս այս հիւրընկալ հողերը միջանկեալ կայարաններ էին. ուր որ է տունդարձի շոգեկառքը պիտի գար: Ամբողջ կեանք մը սպասեցին, սպասեցին իրենց հողերուն, իրենց լեռներուն, իրենց այգիներուն պատկերը իրենց աչքերուն մէջ ու ահա՛ մին միւսին հետեւէն գացին, այդ պատկերներուն աղօտ պատճէնները մեզի կտակելով:

Մենք ալ մեծցանք, ու այդ պատկերները ժառանգ կը ձգենք մեր զաւակներուն, որպէսզի օրին մէկը, «Երբոր բացուին դռներն յուսոյ...», եւ տունդարձի շեփորը հնչէ, Հալէպի գերեզմանատան մէջ, իրենց տապանաքարերը փշրելով վեր խոյանան անոնց հոգիները ու վերէն հսկեն տունդարձի  կարաւանները:

    Շնորհաւոր ըլլայ տօնդ hայրիկ:

 

 

 Յակոբ Միքայէլեան