Աշտարակ-Գիւմրի ճանապարհին մեծ արկած տեղի ունեցած է, որու հետեւանքով կան տուժածներ։
Տեղեկութիւնը յայտնած է ՀՀ ներքին գործոց նախարարութեան փրկարար ծառայութիւնը։
Նշուած է, որ 25 նոյեմբերի ժամը 12։49-ին, Արագածոտնի մարզային փրկարարական վարչութեան ճգնաժամային կառավարման կեդրոն ահազանգ ստացուած է, որ Ուջան գիւղի մէջ տեղի ունեցած է ճանապարհային արկած, կան տուժածներ․ անհրաժեշտ է փրկարարներու օգնութիւնը:
Դէպքի վայր մեկնած է ՆԳՆ ՓԾ մարզային փրկարարական վարչութեան հրշէջ-փրկարարական ջոկատէն մէկ մարտական հաշուարկ։
Վիրաւորուած է քանի մը անձ. անոնք փոխադրուած են հիւանանոց։