Սեպտեմբեր 5 թուակիր յայտարարութեամբ մը, «Հայկական վերածնունդ» սփիւռքեան շարժումը խստօրէն կը դատապարտէ Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ Ալեք Ենիգոմշեանին նկատմամբ ցուցաբերուած վերաբերումը: Կ՚ըսուի, թէ այս օրերուն ան դարձեալ կ՚ենթարկուի «աններելի հետապնդումներու։ Գրաւուած է անոր յատուկ ծրագրով աշխատող համակարգիչը, անձնագիրը եւ դրամատնային քարտը, հեռախօսը կ'ենթարկուի խստագոյն հսկողութեան։ Այս եւ միւս անօրինաբար ձեռնարկուած գործողութիւններու միջոցաւ կը փորձեն սահմանափակել ՀՀ իշխանութիւններու համար ահ ու սարսափ դարձած Ենիգոմշեանի մտքի ու յեղափոխական ազդեցութեան հնարաւորութիւններն ու սահմանները»։ «Հայկական վերածնունդ»-ը հայաստանեան իշխանութիւններէն կը պահանջէ «անմիջապէս վերադառնալ մարդկային բանականութեան հարթութիւն եւ դադարեցնել հետապնդումները Ալեք Ենիգոմշեանի նկատմամբ, անմիջապէս անոր վերադարձնել յատուկ ծրագրով աշխատող համակարգիչը, անձնագիրը, դրամատնային քարտը եւ բոլոր այն իրերը, որոնք անվտանգութեան ծառայողները գրաւած են իրմէ»։