«Հայկական ավիաուղիներ» օդանաւային ընկերութիւնը 2 յուլիսէն սկսաած է Երեւան - Իսթանպուլ-Երեւան երթուղիով թռիչքներ իրականացնել: Տեղեկութիւնը հրապարակուած է «Զուարթնոց» միջազգային օդակայանի դիմատետրեան էջին։
«Չուերթերը կ'իրականացուեն շաբաթական 2 չուերթ յաճախականութեամբ՝ իւրաքանչիւր չորեքշաբթի եւ կիրակի»,-նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Յիշեցնենք` «Հայկական ավիաուղիներ» անուանումով ընկերութիւն կը գործէր նաեւ 90-ականներուն։ Հայաստանի առաջին օդանաւային ընկերութիւնն էր, որ հիմնադրուած է 1991 թուականին եւ հետագային սնանկ ճանչցուեցաւ։
Նորաստեղծ «Հայկական ավիաուղիներ» ընկերութեան տարբերանշանը նոյնն է, ինչ Հայաստանի նախկին ազգային օդային փոխադրող «Հայկական ավիաուղիներ» ընկերութեանը։