image

Հայաստանը պիտի հիւրընկալէ ԵԱՀԿ ԽՎ աշնանային նստաշրջանը

Հայաստանը պիտի հիւրընկալէ ԵԱՀԿ ԽՎ աշնանային նստաշրջանը

ԵԱՀԿ խորհրդարանական վեհաժողովի աշնանային նստաշրջանը տեղի պիտի ունենայ Երեւանի մէջ: Որոշումը վեհաժողովի մշտական յանձնաժողովը կայացուցած է 30 յունիսին Գանատայի Վանքուվըր քաղաքին մէջ ընթացող ԵԱՀԿ ԽՎ տարեկան (ամառնային) նստաշրջանի ընթացքին:

Տեղեկութիւնը յայտնած է ԱԺ մամուլի ծառայութիւնը։

«Անվտանգային մարտահրաւէրները շարունակում են ցնցել ԵԱՀԿ տարածաշրջանը, եւ այս պայմաններում միջխորհրդարանական համագործակցութիւնն ու երկխօսութիւնն աւելի են կարեւորւում: Վեհաժողովի աշնանային նստաշրջանը Երեւանում անցկացնելով՝ վեհաժողովի անդամները հնարաւորութիւն կ'ունենան անդրադառնալու եւ մտքեր փոխանակելու Հարաւային Կովկասի անվտանգային մարտահրաւէրների ու դրանց հետեւանքների մասին»,–ըսած է ԵԱՀԿ խորհրդարանական վեհաժողովի մէջ Հայաստանի պատուիրակութեան ղեկավար Սարգիս Խանդանեանը։

Եւրոպայի մէջ անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան խորհրդարանական հարթակը կը միաւորէ աւելի քան 320 պատգամաւոր 57 անդամ երկրէ: Կազմակերպութեան հիմնական նպատակն է նպաստել միջխորհրդարանական երկխօսութեան՝ առաջ մղելով ԵԱՀԿ համապարփակ անվտանգութեան նպատակները: