image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստանը մարդասիրական օգնութիւն ուղարկած է Ուքրանիա

Հայաստանը մարդասիրական օգնութիւն ուղարկած է Ուքրանիա

Հայաստանը մարդասիրական օգնութեան հերթական խմբաքանակը ուղարկած է Ուքրանիա, յայտնած է Ուքրանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը։

«Փետրուար 8-ին «Գլխաւոր զինուորական կլինիկական հոսպիտալ» ազգային ռազմաբժշկական կեդրոնին փոխանցուեց Ուքրաինայի հայերի միութեան շտաբի հերթական մարդասիրական օգնութիւնը, որը տրամադրել էր ՀՀ կառավարութիւնը։ Ընդհանուր առմամբ փոխանցուել է մօտ 10 տոննա դեղորայք եւ այլ դեղամիջոցներ»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ։

Նախորդ մարդասիրական օգնութիւնը այս տարուան փետրուար 1-ին փոխանցուած էր Տնեփրոփեթրովսքի մարզի զինուորական հիւանդանոցին։ Յաջորդը պիտի տրամադրուի Խարքովի հիւանդանոցներէն մէկուն։