Հայաստան Ատրպէյճանէն ոչ մէկ տարածքային պահանջ ունի եւ նոյնը կ՛ակնկալէ Ատրպէյճանէն, 7 սեպտեմբերին յայտարարեց պաշտօնական Երեւանը` արձագանգելով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ելոյթէն ետք Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած յայտարարութեան:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ընդգծեց, որ ընկերային ցանցերու ատրպէյճանցի օգտատէրերը եւ ատրպէյճանական լրատուամիջոցները իրենք հրապարակած են Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի մօտակայքը եւ Լեռնային Ղարաբաղի շփման գիծի երկայնքին ատրպէյճանական զօրքեր կուտակելու մասին վկայող տեղեկութիւններ, որոնք կը հաստատուին նաեւ այլ աղբիւրներու տեղեկատուութեամբ:
Երեւանը ընդգծեց, որ Հայաստանը շահագրգռուած չէ ռազմական մագլցումով, եւ նշած է, որ նախապէս առաջարկած է, հիմա ալ կ՛առաջարկէ նման վտանգները բացառելու գործիքակազմեր, որոնք մինչեւ հիմա անպատասխան մնացած են, եւ պատրաստ է քննարկելու արդիւնաւէտ այլ գործիքակազմերու ներդրումը նոյնպէս:
8 սեպտեմբերին ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութիւնը դարձեալ յայտարարեց, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ Ատրպէյճանի հետ առկայ խնդիրներու` բացառապէս քաղաքական ճանապարհով լուծման:
«Ըստ այդմ, ամբողջովին կեղծ են Ատրպէյճանի կողմէ տարածուող յայտարարութիւնները ՀՀ կողմից ցանկացած հնարաւոր սադրանքի մասին։ ՀՀ-ն իրավիճակի էսկալացիայի որեւէ մտադրութիւն չունի, ճիշդ հակառակը՝ շարունակում է բաց լինել իր կողմից նախկինում առաջարկուած դեսէսկալացիայի մեխանիզմների քննարկման համար:
Հրաւիրում ենք տարածաշրջանի կայունութեամբ շահագրգռուած բոլոր գործընկերների ուշադրութիւնը, որ ՀՀ-ն պատրաստ է այս ուղղութեամբ առաջին իսկ պատեհ հնարաւորութեան դէպքում շարունակել Ադրբեջանի հետ քննարկումները»,-ըսուած է յայտարարութեան մէջ: