image

Հայաստանը՝ կեանքի ճանապարհ. ֆրանսացի յայտնի արուեստագէտները ընթերցած են արցախահայերու նամակները (Տեսանիւթ)

Հայաստանը՝ կեանքի ճանապարհ. ֆրանսացի յայտնի արուեստագէտները ընթերցած են արցախահայերու նամակները (Տեսանիւթ)

Ֆրանսայի մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը ներկայացուցած է հատուած՝ 28 յունիսին Փարիզի «Կավո» յայտնի համերգասրահին մէջ կայացած «Հայաստանը՝ կեանքի ճանապարհ» (Arménie, la route de la vie) խորագիրը կրող երեկոյէն:

Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան, Արցախի ներկայացուցչութեան եւ «Արցախի բարեկամներ»ու խումբի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած այս եզակի երեկոյի ընթացքին Արցախի շրջափակման մասին ահազանգելու նպատակով ֆրանսացի մօտ երկու տասնեակ արուեստի գործիչներ բարձրաձայնած են աշխարհէն մեկուսացուած արցախահայութեան խօսքը եւ անոնց յուզիչ նամակներու ընթերցման միջոցով հանդիսատեսին ներկայացուցած են արցախահայերու՝ գոյաբանական մարտահրաւէրներով լեցուն առօրեան ու անոնց ապրումները։

Արցախահայերու յուզառատ նամակներն ընթերցած են ֆրանսացի անուանի արուեստագէտներ Արիան Ասքարիտը, Վալերի Քարսենթին, Լիւտովիք Պերթիյոն, Ռոմեն Ռոնտոն, Կվենտոլին Կուրվենեքը, Մելանի Պերնիէն, Ան Լը Նին, Քամիյ Քլարիսը, Մայա Սենսան եւ Ալիքս Պենեժեքը։