image

Ըստ Պայտընի Թրամփ «գոյութենական վտանգ է»

Ըստ Պայտընի Թրամփ «գոյութենական վտանգ է»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփը անուանած է «գոյութենական սպառնալիք», որ «կը փորձէ վերացնել մեր ամէն ըրածը», գրած է Daily Mail-ը:

«Կայ մէկ գոյութենական սպառնալիք՝ այդ Տանըլտ Թրամփն է: Ան կը փորձէ չեղարկել այն ամէնը, ինչ մենք ըրած ենք։ Չսխալի՛ք», - Նիւ Եորքի մէջ աջակիցներու հետ հանդիպման ըսած է Միացեալ Նահանգներու նախագահը։

Այնուհետեւ ան խնդրած է ընտրութիւններուն քաղաքացիներու աջակցութիւնը. «Մենք չենք կրնար թոյլ տալ, որ այդ տեղի ունենայ (Թրամփի ընտրուիլը- խմբ.)»:

Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւնները պիտի կայանան այս տարուան նոյեմբերին: Աւելի վաղ Պայտըն յայտարարած էր, որ Թրամփ, ամենայն հաւանականութեամբ, պիտի ըլլայ ընտրութիւններուն Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածուն: