Այսօր՝ Կառավարութեան նիստի ընթացքին ՀՀ կառավարութիւնը հաւանութիւն տուաւ Ներքին գործոց նախարարութեան եւ Եւրոփոլի միջեւ փոխգործակցութեան համաձայնագրի ստորագրման, ինչպէս նաեւ՝ երկու կառոյցներու միջեւ անվտանգ կապուղի ստեղծելու մասին յուշագրին։
«Հաւանութիւն տալ Հայաստանի Հանրապետութեան ներքին գործերի նախարարութեան եւ ԵՄ իրաւապահ համագործակցութեան գործակալութեան (Եւրոպոլի) միջեւ անվտանգ կապի ուղիներ ունենալու փոխգործակցութեան մասին համաձայնագրի եւ փոխըմբռնման յուշագրի ստորագրմանը»,- նշուած է օրէնսդրական նախաձեռնութեան նախագիծին մէջ, որ նիստի ընթացքին զեկուցեց ՆԳ նախարար Վահէ Ղազարեանը։
Հայաստանի արտաքին գործերու եւ ներքին գործերու նախարարներուն յանձնարարուած է նախապատրաստել յիշեալ միջազգային պայմանագրերու եզրակացութիւնը։
Որոշման հիմնաւորման մէջ նշուած է, որ 2021 թուականի սեպտեմբեր 28-ին աշխատանքային համաձայնագիր ստորագրուած է Եւրոփոլի հետ՝ ուղղուած անդրազգային յանցաւորութեան, մասնաւորապէս՝ թմրամիջոցներու ապօրինի շրջանառութեան, «սայպըր» յանցագործութիւններու, փողերու լուացման եւ մարդոց թրաֆիքինկի դէմ պայքարին մէջ համագործակցութեան ընդլայնման։
Որպէս պարզաբանում՝ ներկայացուած է նաեւ, որ նոր համաձայնագիրը թոյլ կու տայ ՀՀ ՆԳՆ-էմ կապ ապահովող սպայ ուղարկել Եւրոփոլ՝ տեղեկատւութեան աւելի արագ փոխանակում իրականացնելու համար, իսկ յուշագիրը իրաւական հիմք պիտի ստեղծէ հանրապետութեան ՆԳՆ-ի մէջ համապատասխան սարքաւորումներու տեղադրման համար՝ տուեալներու փոխանցման անվտանգ կապուղի ստեղծելու նպատակով։