Ռուսիոյ Դաշնութեան Դաշնային խորհուրդի միջազգային հարցերով կոմիտէի նախագահ Կրիկորի Քարասինի կարծիքով՝ Ռուսիան ամենահայամէտ երկիրն է։
«Հաշուի առնելով Երեւանը Մոսկուայէն հնարաւորինս հեռացնելու Արեւմուտքի ջանքերը, ստիպուած եմ զգացմունքային կերպով նկատել, որ Հայաստանը չի կրնար գտնել աւելի հայամէտ մէկը, քան Ռուսիան է։ Ատոր պատճառները շատ են՝ պատմութենէն մինչեւ անվտանգութիւն: Եկած է լրջօրէն մտածելու ժամանակը»,- Թելեկրամի իր ալիքին գրած է Քարասինը։
Եւրոխորհրդարանը մարտ 12-ին ընդունած բանաձեւով առաջարկած է Եւրոպական Միութեան գործադիրմարմիններուն՝ Եւրոպական յանձնաժողովին եւ Խորհուրդին, դիտարկել Եւրոմիութեան Հայաստանի անդամակցութեան թեկնածուի կարգավիճակ տրամադրելու հնարաւորութիւնը․ «Եթէ Հայաստանը շահագրգռուած ըլլայ թեկնածուի կարգավիճակ ստանալու հարցով եւ շարունակէ իր ժողովրդավարութիւնն ամրապնդող կայուն բարեփոխումներու ուղին, այդ կրնայ հիմք ըլլալ Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան յարաբերութիւններու փոխակերպման փուլի համար»,-ըսուած է բանաձեւին մէջ։
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ողջունած է Եւրոխորհրդարանի բանաձեւը եւ ըսած, որ Եւրոպական Միութեան անդամութեան թեկնածութիւնը «պէտք է հանրային քննարկման առարկայ դառնայ»։