image

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութենէն նոր նախագիծ.Վճարել շուրջ 60 հազար տոլար եւ ծառայել 4,5 ամիս

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութենէն նոր նախագիծ.Վճարել շուրջ 60 հազար տոլար եւ ծառայել  4,5 ամիս

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը նոր նախագիծ դրած է հանրային քննարկման, որով կ'առաջարկուի ներդնել պայմանագրային զինուորական ծառայութեան նոր համակարգ, ինչպէս նաեւ շարքային կազմի կարճաժամկէտ պարտադիր զինծառայութիւն՝ ՀՀ պետական պիւտճէ գումար վճարելու պայմանով:

Հիմնաւորման մէջ նշուած է, որ օրէնքի նախագիծի ընդունումը պայմանաւորուած է ՀՀ կառավարութեան 2021-2026թթ. ծրագրին համապատասխան պայմանագրային զինուորական ծառայութիւն անցնելու գրաւչութիւնն ու շահագրգռուածութիւնը բարձրացնելու, արհեստավարժ պայմանագրային զինուորական ծառայութեան զարգացման համար նախադրեալներ ստեղծելու, շարքային կազմի պարտադիր զինուորական ծառայութեան փոխարէն շարքային եւ սպայական կազմերու պարտադիր զինուորական ծառայութենէն պայմանագրային զինուորական ծառայութեան անցման նոր համակարգ եւ շարքային կազմի կարճաժամկէտ պարտադիր զինծառայութեան ընթացակարգ ներդնելու անհրաժեշտութեամբ:

ՀՀ կառավարութեան 2021-2026թթ. ծրագրով նախատեսուած է աստիճանական եւ կանոնակարգուած ձեւով պարտադիր զինուորական ծառայութեան ժամկէտի կրճատման օրէնսդրական հիմքերու ստեղծում, որու շրջածիրէն ներս, հաշուի առնելով նաեւ շարք մը օտարերկրեայ պետութիւններու փորձը, կ'առաջարկուի շարքային կազմի պարտադիր զինուորական ծառայութեան որոշակի ժամկէտը եւ, ատով պայմանաւորուած՝ զինծառայողի պատրաստութեան ուսումնական փուլը լրանալու պարագային (միջինը՝ չորսուկէս ամիս), զինծառայողի կողմէ ՀՀ պետական պիւտճէ 24 մլն դրամ վճարելու պայմանով, զինծառայողին պարտադիր զինուորական ծառայութենէն վաղաժամկէտ արձակելու հնարաւորութիւն: Նշուած գումարի չափը նախատեսուած է նաեւ այն տրամաբանութեամբ, որ մէկ պարտադիր զինծառայողի փոխարէն 5 տարի ժամկէտով հնարաւորութիւն պիտի ընձեռնուի պայմանագրային զինծառայողին հաշուարկել մինչեւ 400.000 դրամ ամսական վարձատրութիւն, որ արհեստավարժ զինուորական ծառայութեան համակարգ ներդնելու քաջալերական կարեւորագոյն բաղադրիչ է: Գործընթացը փոխկապակցուած է նաեւ մարտական եւ ատոր հաւասարեցուած խնդիրներու իրականացման, ծրագրաւորման կամ վերահսկման գործառոյթներ ունեցող պաշտօններ զբաղեցնող պայմանագրային զինուորական ծառայութեան սպայական, ենթասպայական եւ շարքային կազմերու զինծառայողներու վկայական ստանելու ու ատոր հիման վրայ լրավճարներու սահմանման համակարգի ներդրման հետ:

«Զինուորական ծառայութեան եւ զինծառայողի կարգավիճակի մասին» օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին ՀՀ օրէնքի նախագիծը հրապարակուած է e-draft.am կայքին մէջ: