«Նորք-Մարաշ» բժշկական կեդրոնը կը տեղեկացնէ, որ առաջին անգամ Հայաստանի մէջ «Նորք-Մարաշ» բժշկական կեդրոնէն ներս կատարուած է աննախադէպ վիրահատութիւն` սրտի արհեստական ձախ փորոքի ներատնկութիւն (իմփլանթացիա)։
Փոքրիկ Անկելինայի մօտ ախտորոշուած էր սրտի մկանի լայնացում, որ անհամատեղելի էր երեխայի կեանքի հետ։
Միակ լուծումը փոքրիկին արհեստական ձախ փորոք տեղադրելն էր, այդպիսով իսկ փրկելով երեխայի կեանքը։ Հայաստանի մէջ սարքն առաջին անգամ տեղադրուած է փոքրիկ աղջկայ մարմնի մէջ:
Երկարատեւ վիրահատութիւնը բարեյաջող աւարտած է ՆՄԲԿ-ի սրտային վիրաբոյժներ` Հրայր Յովակիմեանի, Գագիկ Հեբոյեանի եւ վիրաբուժական մեծ խումբի շնորհիւ։