image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստանի մէջ «Քովիտ»ի իրավիճակը տագնապալի. Մահացած է 68 հիւանդ

Հայաստանի մէջ «Քովիտ»ի իրավիճակը տագնապալի. Մահացած է 68 հիւանդ

Հայաստանի մէջ 2 Նոյեմբեր դրութեամբ «Քովիտ»ով վարակուելու 1232 նոր դէպք արձանագրուած է, վարակուածներու ընդհանուր թիւը հասած է 310.629 դէպքի: Այս մասին յայտնեցին ՀՀ Առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնէն:

Ընդհանուր քննութիւններու թիւը կը կազմէ 2.120.537, վերջին մէկ օրուան մէջ` 10.281 նոր քննութիւն:

Փաստացի այս պահուն կը բուժուի 30.551 բուժառու:

Վերջին տուեալներով ապաքինած է 272.332 ան, վերջին մէկ օրուան մէջ՝ 1591 անձ:

Մեկ օրուան մէջ «Քովիտ»ի հետեւանքով մահացած է 62 քաղաքացի, մահացածներու թիւը 6441 է:

Նախորդ օրը արձանագրուած է մահուան 6 դէպք, երբ հիւանդին մօտ հաստատուած է վարակը, սակայն մահը վրայ հասած է այլ հիւանդութեան պատճառով: Այդպիսի դէպքերու ընդհանուր թիւը 1305 է: