image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպանը այցելած է սահման

Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպանը այցելած է սահման

Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպան Քրիսթինա Քուին ԵՄ քաղաքացիական առաքելութեան հետ դիտարկած է Ատրպէյճանի հետ սահմանին տիրող իրավիճակը։

Այս մասին կը տեղեկանանք ՀՀ-ի մէջ ԱՄՆ դեսպանութեան դիմատետրեան էջէն։

«Դեսպան Քուինը ԵՄ քաղաքացիական առաքելութեան հետ դիտարկեց սահմանին տիրող իրավիճակը։ Միացեալ Նահանգները կ՚ողջունէ տեւական եւ արժանապատիւ խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի գրանցած առաջընթացը»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։