image

Հայաստանի հաւաքականը «մաքուր» յաղթանակ մը տարաւ Լաթվիոյ դէմ

Հայաստանի հաւաքականը «մաքուր» յաղթանակ մը տարաւ Լաթվիոյ դէմ

Եու.Է.Էֆ.Ա. Ազգերու լիկայի խաղարկութեան մեկնարկային հանգրուանին, 7 սեպտեմբերին, Հայաստանի ազգային հաւաքականը Երեւանի մէջ ընդունած է Լաթվիան: Հանդիպումն աւարտեցաւ մեր խումբի յաղթանակով՝ 4-1 հաշիւով։

Հանդիպման սկիզբը խումբերը փոխանակեցին կոլեր։ 6-րդ րոպէին հանդիպման հաշիւը բացաւ մեր խումբէն՝ Վահան Բիչախչեան։ Քիչ անց հիւրերէն պատասխան կոլը խփեց Ուլտրիքիսը (որոշ աղբիւրներ նշած են, որ գրանցուած է ինքնակոլ՝ Յարութիւնեանի անուան դիմաց)։ Հանդիպման 35-րդ րոպէին ինքնակոլի հեղինակ դարձաւ Լաթվիոյ հաւաքականի ֆութպոլիստ Տուպրան։ Առաջին խաղակէսին այլեւս կոլեր չգրանցուեցան եւ խումբերը ընդմիջման գացին 2-1 հաշիւով։

Երկրորդ խաղակէսի մեկնարկին Լուքաս Սելարայեան հաշիւը դարձուց 3-1։ Ընդհանուր առմամբ, երկրորդ խաղակէսը եւս անցաւ Հայաստանի հաւաքականի խաղային առաւելութեամբ։ Հանդիպման 85-րդ րոպէին Էդուարդ Սպերցեան մէկ կոլ եւս խփեց Ռանոսի փոխանցումէն յետոյ՝ ձեւակերպելով հանդիպման վերջնական հաշիւը։

Եու.Է.Էֆ.Ա. Ազգերու լիկայի խաղարկութեան մեկնարկային հանգրուանին, 7 սեպտեմբերին նաեւ, Ֆարօ կղզիներու ազգային հաւաքականը ընդունած է Հիւսիսային Մակեդոնիոյ ընտրանին․ այդ հանդիպումն աւարտած է 1-1 հաշիւով: Հայաստանի եւ Լաթվիոյ հաւաքականներու հետ միասին այս խումբերը ընդգրկուած են Ազգերու լիկայի C լիկայի 4-րդ խումբին մէջ։ Այդպիսով, Հայաստանի հաւաքականը միանձնեայ գլխաւորեց 4-րդ խումբի մրցաշարային աղիւսակը։