Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր դատախազ Աննա Վարդապետեանը, Սինկափուրի Հանրապետութիւն կատարած աշխատանքային այցի շրջածիրէն ներս, 2025-ի սեպտեմբեր 8-ին հանդիպած է Սէուտական Արաբիոյ Թագաւորութեան գլխաւոր դատախազ, Շէյխ Սաուտ Պըն Ապտուլլահ Ալ-Մուճիպին: Այս մասին յայտնած են Դատախազութենէն:
Նշենք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր դատախազ Աննա Վարդապետեանն աշխատանքային այցով մեկնած է Սինկափուրի Հանրապետութիւն՝ մասնակցելու Դատախազներու միջազգային միութեան 30-րդ տարեկան համաժողովին եւ Գլխաւոր ժողովին: Աննա Վարդապետեանը, 2025-ի ապրիլ 8-ին, Պուենոս Այրեսի մէջ կայացած՝ Դատախազներու միջազգային միութեան Գործադիր կոմիտէի 59-րդ նիստի ընթացքին, ընտրուած է Գործադիր կոմիտէի անդամի թեկնածու: Գործադիր կոմիտէի անդամի ընտրութիւնը տեղի պիտի ունենայ կայանալիք ժողովի ընթացքին:
Աննա Վարդապետեանը շնորհակալութիւն յայտնած է Սէուտական Արաբիոյ Թագաւորութեան գլխաւոր դատախազին՝ Դատախազներու միջազգային միութեան տարեկան համաժողովի շրջածիրէն ներս երկկողմ հանդիպում նախաձեռնելու համար եւ ընդգծած, որ Դատախազներու միջազգային միութեան համաժողովը, ի թիւս այլնի, լաւ հնարաւորութիւն է երկխօսելու եւ ամրապնդելու իրաւապահ կառոյցներու միջեւ գործընկերային յարաբերութիւնները: Այս պարունակին մէջ ՀՀ գլխաւոր դատախազն ընդգծել է, որ երկու երկիրներու դատախազութիւններու միջեւ քրէական գործերով միջազգային-իրաւական համագործակցութիւնը զարգացնելու մեծ ներուժ կայ:
Հանդիպման ընթացքին երկու երկիրներու գլխաւոր դատախազներն անդրադարձած են փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը հարցերու եւ քննարկած համագործակցութեան հեռանկարները: