image

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հաւասարութեան նշաններ դնելու ատրպէյճանական փորձերն անլուրջ են եւ ցինիկ․ Եղիշէ Կիրակոսեան

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հաւասարութեան նշաններ դնելու ատրպէյճանական փորձերն անլուրջ են եւ ցինիկ․ Եղիշէ Կիրակոսեան

Միջազգային իրաւական հարցերով Հայաստանի ներկայացուցիչ Եղիշէ Կիրակոսեանը ցինիկ ու անլուրջ որակած է ատրպէյճանական կողմի քայլերը, որ կը փորձէ Արդարադատութեան միջազգային դատարանէն ներս «Հայաստանն ընդդէմ Ատրպէյճանի» գործով լսումներու ընթացքին հաւասարութեան նշան դնել Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ։

«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ Արդարադատութեան միջազգային դատարանէն ներս լսումներու ընթացքին ունեցած ելոյթի ժամանակ Եղիշէ Կիրակոսեանը յիշեցուցած է, որ 2021-ի սեպտեմբեր 16-ին Հայաստանը վարոյթ յարուցած է Ատրպէյճանի դէմ, քանի որ այդ պետութեան կողմէ ցեղային խտրականութեան աղաղակող քաղաքականութիւն կ՚իրականացուի ազգութեամբ հայերու նկատմամբ։

«Ադրբեջանի երեխաներին դպրոցական դասագրքերում սովորեցնում են ատել եւ սպանել հայերին։ Պետական լրատուամիջոցները ատելութեան խօսք են տարածում, պետական պաշտօնեաները կոչ են անում իսպառ վերացնել հայերին։ Դա պետութեան կողմից թոյլատրուած համատարած ռասիզմ է»,- ըսած է Կիրակոսեանը։

Ան ընդգծած է, որ ցեղային խտրականութեան այս երկարաժամկէտ պետական քաղաքականութիւնն իր գագաթնակէտին հասած է, երբ Ատրպէյճան թշնամական պատերազմ սանձազերծած է Լեռնային Ղարաբաղի էթնիք հայերու դէմ, որու յայտարարուած նպատակն էր վերացնել եւ վտարել հայերը իրենց հայրենիքէն։

Եղիշէ Կիրակոսեանը մէջբերում կատարած է նաեւ Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւի՝ հետագային ըսած խօսքերէն, ուր վերջինս նշած էր, որ թշնամիի (հայերու) նկատմամբ ատելութիւնը ատրպէյճանցիները առաջ կը շարժէ։

«44 օր շարունակ ադրբեջանցի զինուորները սպանում, խոշտանգում էին էթնիկ հայերին եւ հպարտօրէն նկարահանւում էին իրենց զոհերի առաջ․․․»,- դատարանին յիշեցուցած է Կիրակոսեանը՝ աւելցնելով, որ այս բռնութիւնը եւ ահաբեկումն Ատրպէյճանի կողմէ օգտագործուած է Լեռնային Ղարաբաղի հայերը էթնիք զտման ենթարկելու եւ առնուազն 30 հազար հայեր իրենց հայրենիքէն վտարելու համար։

ՀՀ ներկայացուցիչը պարզաբանած է, որ այս ամէնէն ետք Հայաստանը պատասխան պահանջած է սոյն համաձայնագրի ներքոյ եւ դիմած դատարանին, որ վերջինս հրատապ պաշտպանէ այն խոցելի էթնիք հայերը, որոնք դեռ չէին սպանուած եւ չէին վտարուած իրենց հայրենիքէն։

Միեւնոյն ժամանակ, ան աւելցուցած է․ «Նոյնիսկ Արդարադատութեան միջազգային դատարանը չկարողացաւ կանգնեցնել Ադրբեջանի ռասսայական քարոզարշաւը, որի շրջանակում էթնիկ զտում իրականացուեց»։

Եղիշէ Կիրակոսեանը յայտարարած է, որ 2023-ի սեպտեմբերին Ատրպէյճանը յարձակում նախաձեռնած է՝ հարիւր հազարաւոր հայերը ստիպելով հեռանալ իրենց հայրենիքէն։ Ան յիշեցուցած է, որ մինչ այդ Ատրպէյճանն արգելափակած էր Լաչինի միջանցքը, շրջափակած էր Լեռնային Ղարաբաղը՝ զրկելով ԼՂ-ի բնակչութիւնը կենսական անհրաժեշտութեան մատակարարումներէն։ Կիրակոսեանը յիշեցուցած է նաեւ, որ Արդարադատութեան միջազգային դատարանը Ատրպէյճանէն պահանջած էր բանալ Լաչինի միջանցքը, բայց Ատրպէյճանն այդպէս ալ չկատարեց դատարանի որոշումը։

«Ադրբեջանը ոչինչ չի արել, որ այս իրադարձութիւններից յետոյ ցանկացողները կարողանան ապահով իրենց հայրեինք վերադառնալ»,- նշած է Կիրակոսեանը՝ խօսելով ԼՂ-էն բռնի տեղահանուած հայերու վերադարձի հնարաւորութեան մասին։

Ան դատարանին յիշեցուցած է, որ Ատրպէյճանը կը ջնջէ Լեռնային Ղարաբաղի հայկական մշակութային ժառանգութիւնը՝ ընդգծելով, որ այս բոլոր հանգամանքները պատճառ հանդիսացած են, որ Հայաստանը դիմէ դատարան։

Անդրադառնալով Ատրպէյճանի ներկայացուցիչի կողմէ նախօրէին եղած յայտարարութիւններուն՝ որոնցով վերջինս փորձած էր հաւասարութեան նշան դնել Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ՝ Կիրակոսեանը այդ անընդունելի համարած է՝ յայտարարելով, որ այդ փորձերը անլուրջ են եւ ցինիկ։

Ան նաեւ աւելցուցած է, որ Ատրպէյճանի համար դժուար է ապացոյցներ ներկայացնել դատարանին, քանի որ ատոնք ուղղակի գոյութիւն չունին՝ այդ արարքը անուանելով հաւասարութիւն դնելու յուսահատ փորձ Ատրպէյճանի կողմէ։