Միացեալ Նահանգներու առեւտուրի նախարարութիւնը արտահանման սահմանափակումներ մտցուցած է տասը երկրէ 28 իրաւաբանական անձանց նկատմամբ, որոնց շարքին կայ Հայաստանի մէջ գրանցուած մէկ ընկերութիւն։
Պատիժներու ենթարկուած ընկերութեան իրաւաբանական անուանումն է, ըստ Առեւտուրի նախարարութեան, Tako LLC (Տակօ ՍՊԸ), որ գրանուած է Երեւանի Գարեգին Նժդեհի փողոցին մէջ։
Նշենք, որ Tako ընկերութիւնը եւ մնացած 27 ընկերութիւնները պատիժներու ցանկին մէջ յայտնուած են, քանի որ ըստ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւններու՝ շարունակած են արդէն իսկ պատիժներու ցանկի մէջ ներառուած ռուսական ընկերութիւններուն ապրանքներ եւ ծառայութիւններ մատակարարել։
Հետաքրքրական է նաեւ, որ նախարարութեան պնդմամբ Tako ընկերութիւնը անուանափոխութեան ենթարկուած է եւ նախապէս կոչուած է Taco, որ Միացեալ Նահանգներու պատիժներու ներքոյ յայտնուած էր դեռ նախորդ տարուան սեպտեմբերին։ Taco-ն ռուսական Радиоавтоматика (Ռատիոավտոմատիկա) ընկերութեան գործընկերն է եւ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւններու պնդմամբ ֆինանսական ու նիւթական աջակցութիւն տրամադրած է վերջինիս։
Յիշեցնենք, որ բացի Taco ընկերութենէն Միացեալ Նահանգներու պատիժներու ցանկին մէջ նախապէս (նախորդ տարուան նոյեմբերին) յայտնուած էր նաեւ ռուսական Миландр (Միլանդր) ընկերութեան՝ Հայաստանի մէջ գտնուող դուստր ձեռնարկութիւնը՝ Milur Electronics-ը՝ նոյնանման մեղադրանքով։