Օրեր առաջ Հայաստան վերադարձած 10 գերիներէն 5-ին դէմ կալանաւորուելու միջնորդութիւն ներկայացուած է։
Այս մասին իմացանք «Սփութնիք-Արմինիա» ծառայութիւնէն։
Աղբիւրը նաեւ նկատել տուած է, որ սոյն տեղեկութիւնը հաստատած է ՀՀ քննչական կոմիտէի մամլոյ քարտուղար Վարդան Թադէոսեանը։
«Նրանք այս պահին ձերբակալուած են եւ միջնորդութիւն է ներկայացուել նրանց կալանաւորելու։ Ներկայ պահին դատական նիստեր են ընթանում»,– նշած է Թադեւոսեան։
Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ գերիներու դէմ քրէական գործ հարուցելու խնդրով օրերս յայտարարութիւններ կատարած է Նիկոլ Փաշինեան