Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ Հայաստանի հետ բարեկամութեան եւ համագործակցութեան ռուսական ընկերութեան ղեկավար Վիքթոր Քրիվոփուսքովին թոյլ չեն տուած հատել սահմանը:
Յայտնած է Ռուսիոյ հայերու միութիւնը։
Քրիվոփուսքովը համալրած է Հայաստան մուտքի համար անցանկալի անձանց ցուցակը։ Ան այսօր 24 օգոստոսի առաւօտեան ժամանած էր Մոսկուայէն «Աէյրոֆլոթ»-ի չուերթով։
Քրիվոփուսքովը 2009-2013 թուականներուն եղած է Հայաստանի մէջ «Ռոսսոտրուդնիչեստվոյի» ներկայացուցչութեան ղեկավար, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ռուսիոյ Դաշնութեան դեսպանատան խորհրդական։