«Հայաստան» դաշինքը յունիս 7-ին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն յաջողութեան հասնելու պարագային կը խոստանայ չեղարկել 2021-2026 թուականներուն անշարժ գոյքի գոյքահարկի փուլային բարձրացումը։
Այդ մասին յայտարարած է «Հայաստան» դաշինքի անդամ, Ազգային ժողովի «Հայաստան խմբակցութեան պատգամաւոր Ագնեսա Խամոյեանը։
Խամոյեանը պնդած է, որ գոյքահարկը թանկացած է 26 անգամ։ «Մենք չեղարկելու ենք այս անտրամաբանական թանկացումը»,- յայտարարած է ան։
2021-ի յունուար 1-էն Հայաստանի մէջ ներդրուած է անշարժ գոյքի գնահատման եւ հարկման նոր համակարգ, որով գոյքահարկը կը հաշուարկուի անշարժ գոյքի ոչ թէ կալուածագրային, այլ շուկայական մօտաւոր արժէքի հիման վրայ։ 2021-էն աստիճանաբար բարձրանալով այս տարի գոյքահարկը հասած է առաւելագոյն չափին։
Կալուածագրային համակարգը գոյքը կը բաժնէ 20 գնագոյացման գօտիներու, որոնց արժէքները կ՚որոշուին ռադիալ (շառաւիղային) մեթոտով։ Սա գնահատման մօտեցում է, երբ գոյքի արժէքը կ՚որոշուի կեդրոնէն հեռաւորութեամբ․ որքան մօտ է կեդրոնին, այնքան բարձր կը գնահատուի։ Երեւանի մէջ կը գործէ 12 գօտի․ կեդրոնական հատուածները կը համարուին ամենաթանկը։