Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով յայտարարած է, որ «պաշտօնական Երեւանն ընդունելի չէ համարած ատրպէյճանա-հայկական պայմանական սահմանին անցակէտ տեղադրելու Պաքուի առաջարկը»։
Ինչպէս կը հաղորդէ Ինթըրֆաքս-Ատրպէյճանը՝ Ան նշած է, որ «Հայաստանը մերժած է այս առաջարկը՝ առանց որեւէ բացատրութիւն տալու», եւ «այդ փաստը ցոյց կու տայ, որ Երեւանը շահագրգռուած չէ կատարելով եռակողմ համաձայնագիրներով ստանձնած պարտաւորութիւնները»։
Պայրամով աւելցուցած է, որ «Հայաստանը կը խուսափի Ատրպէյճանի հետ բանակցութիւններէն»։
22 փետրուարին, մեկնաբանելով Ատրպէյճանի նախագահի խօսքերը Լաչինի միջանցքին անցակէտ բանալու մասին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը յայտարարած էր.
«Մեր պատասխանը յստակ է՝ Լաչինի միջանցքի կարգաւորումները բանակցուած են, ստորագրուած են, այդ թւում՝ Ատրպէյճանի նախագահի կողմից: Լաչինի միջանցքի կարգաւորումների վերաբանակցում ուժի գործադրման սպառնալիքով մեզ համար չի կարող ընդունելի լուծում լինել»։