Իրաքը կ՚ուզէ խորացնել համագործակցութիւնը Հայաստանի հետ տարբեր ոլորտներու մէջ՝ օգտուելով մեր երկրի փորձէն ու ձեռքբերումներէն գիտութեան, տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու, գործընթացներու ինքնաշխատացման ոլորտներու մէջ։ Այսօր ՀՀ նախագահի նստավայրին մէջ ճեպազրոյցի ժամանակ յայտարարած է Իրաքի նախագահ Ապտուլ Լաթիֆ Ռաշիտը։
«Հայաստանի եւ Իրաքի միջեւ կան շատ ամուր կապեր՝ աշխարհագրական, մշակութային, հասարակական։ Եւ մենք կը հպարտանանք Իրաքի հայկական համայնքով, անոնց եւ իրաքցիներու համակեցութիւնը դեռ վաղեմի ժամանակներէ է։ Բազմաթիւ ոլորտներու մէջ, ինչպիսիք են բժշկութիւնը, կրթութիւնը եւ այլն, իրաքցիները կ՚օգտուին հայազգի ներկայայացուցիչներու փորձէն»,- նշած է Իրաքի նախագահը։
Ան շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստանին ջերմ ընդունելութեան եւ հիւրընկալութեան համար՝ յոյս յայտնելով, որ իրենք ալ կը կարողանան պատշաճ ընդունելութիւն կազմակերպել, երբ հայկական պատուիրակութիւնն Իրաք այցելէ։ Ան նշած է, որ ուրախ է պատմական այս այցի համար, քանի որ ինքն Իրաքի առաջին նախագահն է, որ Հայաստան կու գայ։
Իրաքի նախագահը կարեւորած է երկու երկիրներու միջեւ կապերու սերտացումը՝ այս առումով ընդգծելով օդանաւային հաղորդակցութիւնը՝ որպէս յարաբերութիւններու ամրապնդման գործիք։