Օրերս Լոս Անճըլսի մէջ յատուկ արարողութեան մը ընթացքին տեղի ունեցած է պարգեւատրումը հայանպաստ կեցուածքներով քաջ յայտնի ծերակուտական՝ Էնթընի Փորթանթինոյի։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմի դիմատետրեան էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է ՝
Հինգշաբթի, 27 ապրիլին, Արեւմտեան թեմին մէջ ընդունելութիւն տեղի ունեցած է ի պատիւ Քալիֆորնիոյ նահանգի ծերակուտական Էնթընի Փորթանթինոյի:
Ընդունելութեան ներկայ եղած են 50-է աւելի հիւրեր, որոնց շարքին եղած են Պըրպանքի քաղաքապետ՝ մեծապատիւ Քոնսթանթին Էնթընի, Կլէնտէլի քաղաքապետ մեծապատիւ Տէն Պրոթման, մեծարգոյ դատաւոր Էմի Աշուանեան, Կլէնտէլի եւ Պըրպանքի քաղաքային խորհուրդի անդամներ, պաշտօնեաներ, հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, թեմի համակիրներ եւ ընկերներ։
Ընդունելութեան ընթացքին Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ.ի Հայրապետական կոնդակը յանձնուած է նահանգային ծերակուտական Փորթանթինոյի, ինչպէս նաեւ վերջինս պարգեւատրուած է Ս. Ներսէս Շնորհալի հեղինակաւոր շքանշանով ամերիկահայ համայնքին ցուցաբերած իր հաստատուն աջակցութեան համար: