Հայ-ռուսական զօրքերու միացեալ խմբաւորման մարտավարական զօրավարժութիւնները ցոյց կու տան, որ հայ-ռուսական ռազմական դաշինքը կայ եւ կը շարունակէ ամրապնդուիլ: Այդ մասին յայտնեց Մոսկուայի Քաղաքական եւ ռազմական վերլուծութիւններու հիմնարկի փոխտնօրէն, ռազմական փորձագէտ Ալեքսանտր Խրամչիխինը:
«Զօրքերը առանց վարժանքներու, ուսուցման եւ կատարելագործման չեն ըլլար: Եթէ կան զինուած ուժեր, ապա անոնք պէտք է շարունակ սորվին, այլապէս պէտք է ցրուին: Այնպէս որ, զուտ ռազմական տեսակետէ սա միանգամայն բնական երեւոյթ է: Իսկ եթէ խօսքը ոչ թէ մէկ, այլ երկու երկրի զինուած ուժերու համագործակցութեան մասին է, ապա այդ պարագային առաւել եւս գործնական պարապմունքներով համատեղ ռազմական գործողութիւններ մշակելու կարիք կայ», մեկնաբանեց Ալեքսանտր Խրամչիխինը:
Ինչ կը վերաբերի վարժանքներու քաղաքական կողմին, ռազմական փորձագէտին խօսքով՝ նոյնիսկ եթէ միացեալ զօրախումբի զօրավարժութիւնները իրականին մէջ քաղաքական տողատակեր չունին, շրջակայ երկիրները պիտի ընկալեն այդ միջոցառումը որպես Հայաստանի եւ Ռուսաստանի ռազմական դաշինքի ամրապնդում:
«Այս պարագային, այնուամենայնիւ, սկզբունքայինը քաղաքական երեսկան է: Եթէ զօրքերու միացեալ խմբաւորումը կայ, ապա ո՞վ է խմբաւորման հրամանատարը եւ ի՞նչ պիտի ըլլայ պատերազմի պարագային: Ես չեմ գիտեր՝ ճշգրիտ ո՞րն է զօրավարժութիւններու սենարը, բայց ակնյայտ է, որ Ատրպէյճանէն եւ Թուրքիայէն բացի՝ այլ հակառակորդներ չկան: Պարզ է, չէ՞, որ Վրաստանը չի կրնար ըլլալ Հայաստանի եւ Ռուսաստանի հակառակորդը: Այդ լուրջ չէ: Հետեւաբար, Ատրպէյճանէն եւ Թուրքիայէն բացի՝ ուրիշ ոչ ոք կը մնայ», կը կարծէ Ալեքսանտր Խրամչիխինը: