image

Հայ Կաթողիկէ նորընտիր Պատրիարքը ընդունեց Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին

Հայ Կաթողիկէ նորընտիր Պատրիարքը ընդունեց  Երեսփոխան  Յակոբ  Բագրատունին

   Օրերս  Պէյրութ գտնուող  Հայ Կաթողիկէ նորընտիր Պատրիարքը  ընդունած է   ՀՅԴ  ներկայաուցիչ, Լիբանանի  խորհրդարանի  անդամ ՝ Յակոբ  Բագրատունին։

Այս  մասին  տեղեկութիւնը  քաղեցինք,  Պէյրութի՝   «Ազդակ»էն, ուրկէ  մասնաւորապէս կը կարդանք՝

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ կէսօրին շնորհաւորական այցելութիւն տուաւ հայ կաթողիկէ համայնքի նորընտիր հոգեւոր տէր` Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ.-ին:

Բագրատունի շնորհաւորելէ ետք հոգեւոր տիրոջ ընտրութիւնը յատուկ արժեւորումով անդրադարձաւ անոր հոգեւոր ծառայութեան նախկին փուլերուն` կեդրոնանալով Լիբանանի մէջ իր նախընթաց ծառայողական առաքելութեան վրայ:

Այնուհետեւ խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան երկրին դիմագրաւած բազմաբնոյթ դժուարութիւններուն եւ այդ բոլորին մէջ լիբանանահայութեան տարած միասնական աշխատանքներուն վրայ:

Հոգեւոր տէրը իր կարգին բարձր գնահատեց համայնքի դժուարութիւնները յաղթահարելու համար ազգային կառոյցներուն կատարած բարեսիրական ու տարբեր բնոյթի օժանդակութիւնները եւ շեշտեց այդ աշխատանքները միշտ միացեալ կառոյցներով շարունակելու անհրաժեշտութիւնը: