image

Հայ առաքելական եկեղեցին այսօր կը նշէ Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը

Հայ առաքելական եկեղեցին այսօր կը նշէ Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը

Հայ Առաքելական Եկեղեցին այսօր` 6 յունուարին կը նշէ Յիսուս Քրիստոսի Ծննդեան ու Աստուածայայտնութեան տօնը, որ Յիսուսի  ծննդեան եւ մկրտութեան յիշատակումն է:

Աստուած մարդացաւ եւ յայտնուեցաւ մարդոց: Քրիստոսի մկրտութեան ժամանակ Հայր Աստուած կը վկայէ. «Այս է իմ սիրելի Որդին, որն ունի իմ ամբողջ բարեհաճութիւնը» (Մատթ. 3:17, Մարկ. 1:11, Ղուկ. 3:22) եւ Սուրբ հոգին աղաւնակերպ կ'իջնէ Քրիստոսի վրայ: Տեղի կ'ունենայ երկրորդ Աստուածայայտնութիւնը: Այսպիսով, Քրիստոսի ծննդեան եւ մկրտութեան միջոցով հաստատուած երկու Աստուածայայտնութիւնները եկեղեցւոյ մէջ կը տօնեն միասին` 6 յունուարին «Յայտնութիւն» կամ «Աստուածայայտնութիւն» ընդհանուր անուամբ:

6 Յունուարի առաւօտեան կը մատուցուի Սբ. Պատարագ, որմէ ետք` կը կատարուի Ջրօրհնէք` Յիսուսի մկրտութիւնը` (ըստ ժողովուրդի` խաչը ջուրը կը նետեն): Յիսուս ջուրը օրհնեց իր մկրտութեամբ: Պատարագիչը սուրբ Միւռոն կը կաթեցնէ ջուրի մէջ եւ կ'օրհնէ այն:

Աւանդութեան համաձայն, ժողովուրդն այդ ջուրէն տուն կը տանի, որպէս բուժիչ դեղ հիւանդներու համար: Այնուհետեւ քահանան կ'այցելէ հաւատացեալներու տուներն` աւետելու Յիսուս Քրիստոսի ծնունդը: Այստեղէն ալ առաջացած է Տնօրհնէքի սովորոյթը:

Սուրբ Ծննդեան օրը իրար կ՚ողջունեն «Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ, մեզի եւ ձեզի մեծ աւետիս» խօսքերով:

Սուրբ Ծննդեան կը յաջորդէ հանգուցեալներու յիշատակութեան օրը`Մեռելոցը: Յունուար 7-ին Սուրբ Պատարագէն ետք բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կը կատարուի հոգեհանգստեան արարողութիւն, որմէ ետք մարդիկ կ՚այցելեն հարազատներու շիրիմները: