«Ատրպէյճանը ոչ մէկուն կը ստիպէ լքել Ղարաբաղը. Ղարաբաղէն հեռանալը բնակիչներու անձնական եւ անհատական որոշումն է». Deutsche Welle-ին ըսած է Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւը:
Նշենք, որ սեպտեմբեր 27-ին ժամը 12:00 դրութեամբ Արցախէն Հայաստան մուտք գործած է բռնի տեղահանուած 47,115 անձ:
Ատրպէյճանը ռազմական նպատակներ չունի Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին մէջ
Հիքմեթ Հաճիեւ նաեւ յայտարարած է, որ Պաքուն մտադիր չէ ուժային գործողութիւններ ձեռնարկել Հայաստանի տարածքով դէպի Նախիջեւան ցամաքային միջանցք ստեղծելու համար:
«Մենք կը փորձենք ատոր հասնիլ խաղաղ ճանապարհով։ Նախիջեւանի հետ Հայաստանով անցնող փոխադրային կապերու բացումէն կը շահին ե՛ւ երկու երկիրները, ե՛ւ ամբողջ տարածաշրջանը»,- նշած է Հաճիեւը: Անոր խօսքով՝ Ատրպէյճանը ռազմական նպատակներ չունի Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին մէջ, այդ Ատրպէյճանի օրակարգէն դուրս է:
Ալիեւի օգնականը դժգոհութիւն յայտնած է նաեւ էթնիք զտման վերաբերեալ Ատրպէյճանին ուղղուած մեղադրանքներու հետ կապուած: «Ատրպէյճանի պատմութեան մէջ նման դէպքեր չեն եղած»,- նշած է Հաճիեւը: