image

«Հասսան» անօդաչու թռչող սարքը 40 վայրկեան սաւառնած է բռնագրաւուած Պաղեստինի վրայ

«Հասսան» անօդաչու թռչող սարքը 40 վայրկեան սաւառնած է բռնագրաւուած Պաղեստինի վրայ

«Հասսան» ինքնաթիռը բռնագրաւուած տարածքներէն վերադարձած է անվտանգ, չնայած հակառակորդին կողմէ զայն խոցելու բազմաթիւ եւ յաջորդական փորձերուն, այն բանէն ետք, երբ յաջողութեամբ կատարած է առաքելութիւնը:

 

Լիբանանի Իսլամական դիմադրութիւնը յայտարարած է «Հասան» անօդաչու թռչող սարքի արձակման մասին` բռնագրաւուաղ պաղեստինեան տարածքներոն մէջ:

Դիմադրութիւնը հաստատած է, որ ինքնաթիռը թռչած է «40 վայրկեան հետախուզական առաքելութեամբ դէպի 70 քմ երկարութեամբ Պաղեստինի խորքը», յաւելելով, որ այն վերադարձած է «անվտանգ, չնայած հակառակորդին կողմէ զայն կործանելու բազմաթիւ եւ յաջորդական փորձերուն»:

Դիմադրութեան յայտարարութեան մէջ կ'ըսուի, որ «Հասսան» ինքնաթիռը բռնագրաւուած տարածքներէն վերադարձած է անվտանգ, չնայած հակառակորդին կողմէ զայն խոցելու բազմաթիւ եւ յաջորդական փորձերուն, այն բանէն ետք, երբ յաջողութեամբ կատարած է «առաքելութիւնը եւ առանց որ անոր շարժման վրայ ազդէ թշնամիին ընթացակարգերը»:

Իսրայէլ խոստովանած է, որ չէ յաջողած տապալել Լիբանանէն գրաւեալ Պաղեստին ներխուժած սարքին երթը:

Իսրայէլեան լրատուամիջոցները կը նշեն, որ «հիւսիսային շրջանին մէջ հնչող ազդանշանները բնակիչները ուղարկած են ապաստարաններ` շաբաթ օրուայ նախապատրաստական աշխատանքներու լոյսին տակ», ընդգծելով, որ «խուճապ տարածած է»:

Իսրայէլեան բանակին խօսնակը հաստատած է, որ «ինքնաթիռը հատած է Իսրայէլի օդային տարածքը, մինչ հետախուզական սարքերը կը հետեւէին անոր ուղիին», յաւելելով, որ «ուղղաթիռներ եւ ռազմական ինքնաթիռներ կանչուած են եւ հրթիռներ արձակուած են` առանց յաջողութեան հասնելու: Նախազգուշացնող շչակներ գործարկուեած են ներքին ճակատին մէջ, բայց ինքնաթիռը վերադարձած է Լիբանան»:

Մինչ այդ, Հըզպոլլայի գլխաւոր քարտուղար Սայէտ Հասան Նասրալլահ խօսեցաւ Լիբանանի մէջ անօդաչու սարքերու արտադրական մեկնարկին մասին եւ նշեց, որ «դիմադրութիւնը որոշած է աշխուժացնել տարիներ շարունակ գոյութիւն ունեցած հակաօդային պաշտպանութիւնը, դիմադրելու համար իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարքերու վտանգին»: