image

Հասիչէի մէջ. Իր մահկանացուն կնքած է համայնքային նուիրեալ գործիչ՝ Արմէն Նալպանտեան

Հասիչէի մէջ. Իր մահկանացուն կնքած է համայնքային նուիրեալ գործիչ՝ Արմէն Նալպանտեան

Օրերս Հասիչէի մէջ (Գամիշլիի կից) իր մահկանացուն կնքած է համայնքի նուիրեալ եւ սիրուած գործիչներէն՝ Արմէն Նալպանտեան։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ  Բերիոյ Թեմի  դիմատետրեան  պաշտօնական էջէն, ուրկէ ալ  կը կարդանք՝ 

 

Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ 

Գերշ. Տ. Մակար Ս. Արք. Աշգարեանը,

Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Երեսփոխանական ժողովը, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Գործադիր վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովները եւ Ճէզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանը

խոր ցաւով կը գուժեն մահը՝

Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Երեսփոխան, Հասիչէի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ Թաղականութեան ատենապետ՝

հանգուցեալ երկչփ. Արմէն Նալպանտեանի, ծնեալ Հասիչէ 29 Յունուար 1955-ին, որ կնքեց իր մահկանացուն 19 Մարտ 2024-ին։

Մեր ցաւակցութիւնները կը յայտնենք Ճեզիրէի եւ Հասիչէի ազգայիններուն, հանգուցեալի ընտանիքին եւ հարազատներուն։

Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։

 

Նշենք, որ տարիներ առաջ Արմէն Նալպանտեան մի քանի հրատապ առիթներով օժանդակած էր եւ լուսաբանութիւններ տուած «Արեւելք»ին։ Ան պատրաստակամ ձեւով պատասխանած էր մեր հարցումներուն ու տուած լրացուցիչ տեղեկութիւններ։

Տակաւին կ՚անդրադառնանք։ Բիւր յարգանք հանգուցեալի յիշատակին։