Հալէպի օդակայանը դադրած է գործելէ։
Սուրիոյ Հալէպ քաղաքի միջազգային օդակայանը դադրած է գործելէ։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ «Ալ Մայատին» կայանէն։
Աղբիւրը կը հաղորդէ, որ իսրայէլեան կործանիչներ Միջերկրականեան ջուրերով անցնելէ ետք Լաթաքիոյ վրայէն հարուածներ տուած են օդակայանին։
Օդակային վայրէջքի գլխաւոր հարթակը ենթարկուած է ծանր վնասներու, որուն հետեւանքով այն դադրած է գործելէ։
Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ օրեր առաջ մայրաքաղաք Դամասկոսը նոյնպէս ենթարկուած էր իսրայէլեան հարուածներու։