Հարաւային Կովկասը պէտք չէ դառնայ աշխարհաքաղաքական մրցակցութեան դաշտ: Այդ մասին յայտարարած է Իրանի ԱԳՆ խօսնակ Նասեր Քանաանին` մեկնաբանելով Պրիւքսէլի մէջ ՀՀ-ԱՄՆ-ԵՄ եռակողմ հանդիպումը:
Ան ընդգծած է տնտեսական համագործակցութեան ամրապնդման եւ կապերու ընդլայնման կարեւորութիւնը:
Քանաանին շեշտած է, որ տարածաշրջանային համագործակցութիւնը կարեւոր է Կովկասի մէջ խաղաղութեան հաստատման եւ կայունութեան համար: Այս առնչութեամբ ան ընդգծած է տարածաշրջանային ձեւաչափերու, մասնաւորապէս` 3+3 տարածաշրջանային խորհրդատուական հարթակի, հնարաւորութիւններու օգտագործումը: