image

ՀԱՊԿ-ի ուժեր դէպի Ուքրանիա՞. Փեսքովէն դիտարկում

ՀԱՊԿ-ի ուժեր դէպի Ուքրանիա՞. Փեսքովէն դիտարկում

Ուքրանիոյ մէջ Ռուսաստանի յատուկ ռազմական գործողութիւններուն մէջ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) երկիրներու ուժերը օգտագործելու հարցը կառոյցին մէջ չէ բարձրացուած: Այս մասին յայտնած է Ռուսաստանի նախագահի մամուլի խօսնակ Տմիթրի Փեսքով:

Պատասխանելով հարցին, թէ հնարաւո՞ր է արդեօք, որ ՀԱՊԿ-ի միջոցով այլ երկիրներու զօրքերը ներգրաւուին այդ գործողութիւններուն մէջ, Փեսքով ըսած է․ «Որքան ինձ յայտնի է` ՀԱՊԿ-ի հարթակին մէջ նման հարցեր չեն բարձրացուած»: