Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) մասնակից երկիրներու հակաօդային պաշտպանութեան (ՀՕՊ) միասնական համակարգը փաստացի ստեղծուած է եւ իւրաքանչիւր պետութեան հետ կան համապատասխան երկկողմ համաձայնագրեր։ Այս մասին, ԹԱՍՍ-ի հաղորդմամբ, յայտնած է Ռուսիոյ Դաշնութեան պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուն:
«Փաստացի այն (միասնական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգը) ստեղծուած է, ստեղծուած է երկկողմ մակարդակով, մենք ունինք համաձայնագիր իւրաքանչիւր պետութեան հետ։ Այն կը վերաբերի Հայաստանին, Ղազախստանին, Ղրղզստանին, Տաճիկստանին, ի հարկէ Պելառուսիոյ։ Բնականաբար, այն յագեցած է, կ՚աշխատի, պարբերաբար վարժանքներ կ՚իրականացնենք եւ կը պահենք մարտական վիճակի մէջ։
ՀՕՊ միասնական համակարգ կայ ԱՊՀ-ի մէջ։ ՀԱՊԿ-ի մէջ էլ, փաստացի, կազմուած է, եթէ փաստաթուղթեր կը պահանջուին, փաստաթուղթեր կը ձեւակերպենք: Բայց մենք երկկողմանի համաձայնագիր ունինք ՀԱՊԿ անդամ իւրաքանչիւր երկրի հետ։ Եւ այս երկկողմ պայմանագրով ստեղծուած է համակարգը»,- ըսած է Շոյկուն: