image

Հանրայայտ գործարարը դիմած է արցախահայութեան

Հանրայայտ գործարարը դիմած է արցախահայութեան

«Տաշիր» ընկերութիւններու խումբի նախագահ Սամուէլ Կարապետեանը դիմած է Արցախի ժողովուրդին եւ յայտնած իր զօրակցութիւնը:

«Մենք միշտ կանգնած ենք եղել Արցախի ժողովրդի կողքին, հենց ժողովրդի, որն անկեղծօրէն նուիրուած է իր հողին, իր հայրենիքին, իր արմատներին։ Արցախը կայ, քանի դեռ կայ արցախցին՝ ուժեղ ու նուիրուած, ուստի մենք շարունակելու ենք համակողմանի աջակցութիւն ցուցաբերել այնքան ժամանակ, քանի դեռ դրա կարիքը կը լինի»։

Կարապետեանը նաեւ աւելցուցած է, որ տեղեակ է, որ Արցախի Հանրապետութեան ղեկավար Սամուէլ Շահրամանեանն արդէն Հայաստանի տարածքին մէջ է, եւ պատրաստակամութիւն յայտնած է աջակցելու բոլոր ընթացիկ խնդիրներուն՝ ի շահ Արցախի ժողովուրդի։

Աւելի վաղ «Տաշիր»-ը յայտարարած էր Արցախէն Լոռիի մարզի Տաշիր քաղաք բռնի տեղահանուած 1500 քաղաքացիներուն աջակցելու մասին՝ ներառեալ կեցավայրի, սնունդի, կեանքի համար անհրաժեշտ միջոցներու, ինչպէս նաեւ աշխատանքի ապահովման:

«Հետագային եւս կաւելացնենք աջակցութիւնը, կը լինենք մեր հայրենակիցների կողքին»,- նշած է Կարապետեանը։