image

«Հանրապետականներ»ը վրէժ պիտի լուծեն Պայտընէն

«Հանրապետականներ»ը վրէժ պիտի լուծեն Պայտընէն

Ներկայացուցիչներու պալատի վերահսկիչ յանձնաժողովի անդամ հանրապետականները խոստացած են պատասխանատւութեան ենթարկել ներկայ վարչակազմը՝ ընտանեկան ձեռնարկատիրութեան վրայ ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընի ազդեցութեան համար:

«Վերահսկողութիւնը եւ պատասխանատւութիւնը պիտի յաջորդեն», - թուիթըրեան միկրոպլոկով յայտնած են վերահսկիչ յանձնաժողովի հանրապետականները:

Օրէնսդիրներն ըսած են, որ Սպիտակ տունը կ'արգելափակէ Քոնկրէսի հետաքննութիւնը քանի մը հարցի շուրջ, ներառեալ սահմանային ճգնաժամը, ֆենթանիլի մաքսանենգութիւնը, զօրքերու դուրսբերումը Աֆղանիստանէն, «Քորոնա» ժահրի ծագումը եւ Պայտընի ազդեցութիւնը ընտանիքի անդամներու ձեռնարկատիրութեան վրայ: