Երեւանի «Յաղթանակ» զբօսայգիին մէջ պարբերաբար ծառատունկ կը կատարուի՝ զբօսայգիին վերականգնումն ու պահպանումը ապահովելու նպատակով։
Երէկ մէկ հեքթար տարածքի վրայ տնկուած է 150 ծառ եւ 200 թուփ։ Բարձրարժէք եւ հասուն ծառատեսակներուն կէսը մշտադալար են։
Տարածքին մէջ առաջին անգամ գործածուած է անձրեւացնող ոռոգման նոր համակարգ, որ հնարաւորութիւն կու տայ մինչեւ 70 մեթր շառաւիղով ոռոգելու տարածքը։