ՍԴՀԿ Լիբանանի Շրջանի Վարիչ Մարմնի ատենապետ Տիար Վանիկ Տագէսեան, իր հրապարակած գրառումով, յարգանքի եւ երախտագիտութեան խօսք ուղղած է վերջերս մեզմէ հեռացած Գրիգոր Շիմշիրեանի յիշատակին՝ արժեւորելով անոր կուսակցական երկարամեայ ծառայութիւնը, գաղափարական հաւատարմութիւնն ու սերունդներու դաստիարակութեան գործին մէջ ունեցած ներդրումը։
Վանիկ Տագէսեանի գրառումը.
«Ննջէ՛ խաղաղութեամբ, սիրելի՛ Ընկեր Գրիգոր Շիմշիրեան։
Դուն կը պատկանէիր այն սերունդին, որուն ներկայացուցիչները մեր կուսակցութեան պատմութեան մէջ իրենց ուրոյն եւ անփոխարինելի հետքը ձգեցին։ Սերունդ մը, որ դաստիարակուած էր հայրենասիրութեան, կուսակցական նուիրումի, գաղափարական հաւատարմութեան, կարգապահութեան եւ բարձր գիտակցութեան ոգիով։ Սերունդ մը, որ անձնական շահերէն վեր կը դասէր հաւաքական շահը, իսկ իրեն վստահուած պարտականութիւնները կը կատարէր պատասխանատուութեան խոր զգացումով, անշահախնդրօրէն եւ մեծագոյն նուիրումով։
Անոնք այն մարդիկ էին, որոնք ոչ միայն իրենց ժամանակին ծառայեցին, այլեւ նոր սերունդներուն առջեւ ճամբայ բացին՝ փոխանցելով իրենց փորձառութիւնը, արժէքները, սկզբունքներն ու գաղափարական ժառանգութիւնը։
Երբ քեզի հետ առիթը կ՚ունենայի հանդիպելու եւ զրուցելու, ներքին հանգստութիւն, ապահովութիւն եւ հպարտութիւն կը զգայի։ Քու ներկայութիւնդ, խոհուն խօսքերդ, գնահատականներդ եւ երբեմն ալ մեղմ, բայց դիպուկ քննադատութիւններդ ինծի համար արժէքաւոր էին։ Դուն գիտէիր խօսիլ այնպիսի հանդարտութեամբ ու յատուկ ոճով մը, որ քննադատութիւնդ երբեք վիրաւորանք չէր, այլ՝ ուղղութիւն, խորհուրդ եւ մղում՝ աւելի լաւը ընելու, աւելի գիտակից ըլլալու եւ աւելի բարձր պատասխանատուութեամբ գործելու։
Դուն այն երախտաւորներէն էիր, որոնք իրենց ներկայութեամբ կը դաստիարակեն, իրենց օրինակով կը սորվեցնեն եւ իրենց լռութեամբ իսկ պատգամ կը փոխանցեն։
Որպէս Տխրունի Ուսանողական եւ Երիտասարդական Միութեան հիմնադիրներէն մին՝ դուն ականատես եղար սերունդներու անցուդարձին, վեցէն աւելի սերունդներու կազմաւորման, դաստիարակութեան եւ գաղափարական հասունացման։ Այդ սերունդներուն մէջ անմար մնաց այն կրակը, զոր դուք վառեցիք՝ գաղափարի, ծառայութեան եւ ազգային ինքնութեան պահպանման կրակը։
Եւ այսօր, երբ նոր սերունդը իր երախտագիտութեան ու գնահատանքին շքանշանը կը յանձնէ ձեզի նման երախտաւորներու, այդ մէկը պարզապէս պատիւի արտայայտութիւն մը չէ։ Անիկա խոստովանութիւն մըն է, թէ ձեր կատարած աշխատանքը, ձեր զոհողութիւնները եւ ձեր ապրած արժէքները չեն մոռցուած։ Ընդհակառակը, անոնք դարձած են մեր երթին ուղեցոյցը։
Մեծ գնահատանքը այն է, երբ յաջորդող սերունդները, չմոռնալով իրենց նախորդները, կը շարունակեն անոնց կիսատ ձգած գործը՝ նոյն հաւատքով, նոյն խիզախութեամբ եւ նոյն նուիրումով։ Հայապահպանման, ազգային ինքնութեան պահպանման, հայեցի դաստիարակութեան եւ կուսակցական գաղափարական պայքարի ճամբուն վրայ ձեր թողած հետքը պիտի շարունակէ ապրիլ ու ներշնչել։
Այսօր, երբ հրաժեշտ կուտանք քեզի, կը գիտակցինք, որ մարդիկ կրնան հեռանալ, բայց իրենց գործը, սկզբունքները եւ օրինակելի կեանքը չեն հեռանար։ Անոնք կը մնան յիշողութեան մէջ, կը փոխանցուին սերունդէ սերունդ եւ կը դառնան այն ամուր հիմքը, որուն վրայ կը կառուցուի վաղուան աշխատանքը։
Սիրելի՛ Ընկեր Գրիգոր, շնորհակալ ենք քու անցած ճանապարհիդ, քու ծառայութեանդ, քու խորհուրդներուդ եւ այն արժէքներուն համար, զորս փոխանցեցիր մեզի։
Քու սերունդիդ վաստակը մեր պատմութեան էջերուն մէջ է, իսկ քու օրինակը՝ մեր յիշողութեան եւ խղճմտանքին մէջ։
Ննջէ՛ խաղաղութեամբ։ Դուն քու պարտականութիւնդ կատարեցիր՝ հաւատարմութեամբ, արժանապատուութեամբ եւ նուիրումով։ Մեր պարտականութիւնն է շարունակել ձեր բացած ճամբան եւ արժանի ըլլալ ձեր թողած ժառանգութեան։
Յարգանքով եւ երախտագիտութեամբ»
Վանիկ Տագէսեան