Ուաշինկթընի Ռոնալտ Ռէյկընի անուան ազգային օդակայանին մէջ Ուրբաթ երեկոյեան «American Airlines» օդանաւային ընկերութեան երկու «Պոինկ 737» օդանաւեր թեւերով բախած են իրարու՝ թռիչքի նախապատրաստուելու ընթացքին։ Այս մասին յայտնած է ԱՄՆ Դաշնային օդագնացութեան վարչութիւնը (FAA)։
Օդային երթեւեկութեան կառավարման ծառայութեան ռատիոկապի ձայնագրութեան համաձայն՝ դէպի Տալըս մեկնող օդանաւի օդաչուն յայտնած է, որ իրենց օդանաւին թեւը դպած է դէպի Շիքակօ մեկնող այլ օդանաւի թեւին։
Բախման հետեւանքով օդանաւերէն մէկուն թեւին ծայրամասային հատուածը՝ վինգլեթը, պոկուած է։ Միջադէպին հետեւանքով տուժածներ չկան, «CNN»ին յայտնած է FAA-ն։
Բախումէն ետք օդային երթեւեկութեան կարգավարները այլ օդանաւի հրահանգած են դադրեցնել վայրէջքը, իսկ ժամանող միւս թռիչքներու անձնակազմերուն զգուշացուցած են հաւանական ուշացումներու մասին։
Օդանաւերէն մէկուն ուղեւորը «CNN»ին պատմած է, որ բախման պահուն ուժեղ ցնցում զգացած է, որմէ ետք ուղեւորները սկսած են անհանգստանալ եւ պատուհաններէն դուրս նայիլ՝ հասկնալու համար, թէ ինչ պատահած է։