image

Կազայի պատերազմին առընթեր Պայտընէն կարեւոր առաջարկ

Կազայի պատերազմին առընթեր Պայտընէն կարեւոր առաջարկ

ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտըն յորդորած է «Համաս»ը ընդունիլ Կազայի մէջ հակամարտութիւնը դադրեցնելու վերաբերեալ Իսրայէլի նոր առաջարկը: Այս մասին կը տեղեկացնէ BBC–ն:

Երեք մասէ բաղկացած առաջարկը կը սկսի 6-շաբաթեայ հրադադարով, որով Իսրայէլի պաշտպանութեան ուժերը դուրս պիտի գան Կազայի բնակեցուած տարածքներէն։

«Համաս»-ը յայտարարած է, որ այդ առաջարկը «դրական» կը դիտարկէ:

Սպիտակ տան մէջ իր ելոյթին մէջ Պայտըն ըսած է, որ առաջարկուող ծրագրի առաջին փուլը պիտի ներառէ լիարժէք եւ ամբողջական հրադադար, Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակի զօրքերու դուրսբերում բնակեցուած տարածքներէն եւ պատանդներու փոխանակում պաղեստինցի գերիներու հետ։

«Սա իսկապէս վճռորոշ պահ է: «Համաս»-ը կ՚ըսէ, որ կ՚ուզէ հրադադար հաստատել: Այս գործարքը հնարաւորութիւն է՝ ապացուցելու, թէ արդեօք անոնք իսկապէս այդ կը ցանկան: Զինադադարը թոյլ կու տայ աւելի շատ մարդասիրական օգնութիւն հասցնել շրջափակուած տարածք՝ 600 բեռնատարներով ամէն օր օգնութիւն տեղափոխելով Կազա»,–ըսած է Պայտըն:

ԱՄՆ նախագահը աւելցուցած է, որ երկրորդ փուլով պիտի վերադարձուին մնացած ողջ պատանդները, այդ շարքին՝ զինուորականները: Ըստ անոր՝ այդ ժամանակ զինադադարը պիտի վերածուի ռազմական գործողութիւններու մշտական դադարեցման: