image

«Հանգիստ պիտի չըլլամ, մինչեւ տուն վերադարձնենք հայ գերիները». Ատամ Շիֆ

«Հանգիստ պիտի չըլլամ, մինչեւ տուն վերադարձնենք հայ գերիները». Ատամ Շիֆ

Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու խորհրդաժողովի բացման ժամանակ տեսաուղերձով ողջոյնի խօսք յղած էր ԱՄՆ ծերակուտական Ատամ Շիֆը:

Ան մասնաւորապէս ողջունեց խորհրդաժողովի անդամները, նշելով. «Այս տարի մենք յառաջընթացի պահ ունեցանք, երբ նախագահ Պայտընը կտրեց ամօթալի լռութեան տասնամեակները՝ ճանչնաելով Հայոց Ցեղասպանութիւնը, բայց մեր աշխատանքը հեռու է աւարտէն: Ճիշդ հիմա հազարաւոր մարդիկ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ կ'ապրին իրենց հարեւաններուն կողմէ վտանգաւոր ու շարունակական սպառնալիքի պայմաններու մէջ, միաժամանակ սգալով իրենց հարազատ մարդոց կորուստը, որոնք կը սպաննուին, կը գերեվարուին, կը տեղահանուին, կը խոշտանգուին ու ապօրինաբար կը ձերբակալուին:

Որպէս ԱՄՆ Գոնկրեսի հայկական խումբի փոխնախագահ, ես հանգիստ պիտի չըլլամ, մինչեւ մենք տուն վերադարձնենք բազմաթիւ գերիները, մինչեւ փախստականները վերադառնան իրենց տուները եւ տարածաշրջան բերենք վերջնական ու արդար խաղաղութիւն: Մենք պիտի շարունակենք աջակցիլ ու ուժեղացնել ժողովրդավարութիւնը Հայաստանի եւ Արցախի մէջ, խորացնել մեր  ժողովուրդներուն կապերը: Ես միշտ պիտի ըլլամ Հայաստանի ու Արցախի կողքին», ըսաւ ծերակուտակամ Ատամ Շիֆ: