image

Համաշխարհային տագնա՞պ. Պարէնի գիները մեծ աճ կը գրանցեն

Համաշխարհային տագնա՞պ. Պարէնի  գիները  մեծ աճ կը գրանցեն

Պարէնի համաշխարհային գիները կ'աճին ամենաարագ կշռոյթներով, քանի որ Ուքրանիոյ մէջ պատերազմը կ'անդրադառնայ գիւղատնտեսական մշակաբոյսերու պաշարներուն վրայ` սպառողներուն հասցնելով աւելի շատ սղաճի տառապանքներ եւ խորացնելով համաշխարհային սովի ճգնաժամը:

Պատերազմը վնաս հասցցուցած է կարեւորագոյն սեւծովեան տարածաշրջանին մէջ մատակարարումներու շղթաներուն` խախտելով համաշխարհային առեւտուրի հոսքերը եւ խուճապ յառաջացնելով` կապուած հիմնական սննդամթերքի պակասի հետ: Սա յանգեցուցած է պարէնային ապրանքներու մրցանշային բարձր գիներու, որոնք արդէն իսկ բարձրացած էին մինչ հակամարտութիւնը, իսկ անցած ամիս ՄԱԿ-ի համաշխարհային ծախսերու ցուցակը աճած է եւս 13 տոկոսով:

Ուքրանիոյ նաւահանգիստները փակ են, եւ շատ նաւեր կը խուսափին տարածաշրջանէն, որուն բաժին կ'իյնայ հացահատիկի առեւտուրին մօտ մէկ քառորդը: Կ'ակնկալուի, որ Ուքրանիոյ մէջ գիւղատնտըսները կտրուկ կրճատեն ցանքատարածութիւնները: Երկիրը ամբողջ ուժով կը փորձէ արտահանել արդէն հաւաքած բերքը: Աշխարհի այլ երկիրներու մէջ ուժանիւթակիրներու եւ պարարտանիւթերու բարձր գիները կը բարձրացնեն սննդամթերքի արտադրութեան ծախսերը:

Պարէնային ապրանքներու գիներու աճը մեծապէս կը զգացուի աղքատ երկիրներու մէջ, ուր սննդամթերքը կը կազմէ սպառողական պիւտճէին մեծ մասը, իսկ ուքրանական ճգնաժամին ազդեցութիւնը յանգեցուցած է հիմնական սննդամթերքի, օրինակ` հացի գիներու կտրուկ աճի:

ՄԱԿ-ի Պարէնի եւ գիւղատնտեսութեան կազմակերպութեան համաշխարհային գիներու ցուցակը 2020-ի կէսերէն բարձրացած է աւելի քան 50 տոկոսով` գերազանցելով 2008 եւ 2011 թուականներու մակարդակները, որոնք նպաստած են պարէնային համաշխարհային ճգնաժամներուն: ՄԱԿ-ը զգուշացուցած է, որ գիները կրնան աւելի բարձրանալ: