image

Համաշխարհային մաքսային կազմակերպութիւնը պատրաստ է նպաստելու Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ փոխվստահութեան ձեւաւորման

Համաշխարհային մաքսային կազմակերպութիւնը պատրաստ է նպաստելու Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ փոխվստահութեան ձեւաւորման

Համաշխարհային մաքսային կազմակերպութեան (ՀՄԿ) գլխաւոր քարտուղար Քունիօ Միքուրիան կ'ընդգծէ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ փոխվստահութեան ձեւաւորման ուղղուած քայլերու եւ համատեղ միջազգային ու տարածաշրջանային նախագիծերու իրականացման կարեւորութիւնը: Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ հանդիպման ան յաւելած է, որ կազմակերպութիւնը պատրաստ է աջակցելու այս գործընթացին:

Պայրամովը, խօսելով յետպատերազմական շրջանին տարածաշրջանին մէջ տիրող իրավիճակին մասին, նշած է, որ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնները կարգաւորելու հնարաւորութիւններ կան:

Ան ընդգծած է, որ այս ծիրին մէջ ատրպէյճանական կողմը յստակ քայլերու կը ձեռնարկէ: