image

ՀԱՄԱՍ-ը պէտք չէ բացառել Կազայի հարցով քննարկումներէն. ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ

ՀԱՄԱՍ-ը պէտք չէ բացառել Կազայի հարցով քննարկումներէն. ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ

ՄԱԿ-ի մարդասիրական հարցերով ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Մարթին Կրիֆիթսը կը կարծէ, որ պաղեստինեան ՀԱՄԱՍ շարժումը պէտք չէ բացառել Կազայի հատուածի վերաբերեալ հետագայ քննարկումներէն: Այս մասին ան յայտարարած է Financial Times-ին։

«Մարդիկ, որոնց մենք կը դատապարտենք սարսափելի արարքներու համար, միեւնոյնն է, պէտք է քննարկման մաս ըլլան»,-յայտարարած է Կրիֆիթսը:

Անոր կարծիքով` Պաղեստինի ժողովուրդն իրաւունք ունի ըսելու, թէ որու կարելի է, եւ որու կարելի չէ բացառել քննարկումներէն։ Պատասխանելով այն հարցին, թէ արդեօք ՄԱԿ-ը կրնայ կառավարել Կազան` Կրիֆիթսը նշած է, որ այդ «գործնական չէր ըլլար»: Անոր կարծիքով, սակայն, կան նաեւ այլ տարբերակներ, այդ շարքին ՄԱԿ-ի դիտորդական առաքելութիւնները: