image

«Համաս» մերժած է պատանդները ազատ արձակելու առաջարկը. Reuters

«Համաս» մերժած է պատանդները ազատ արձակելու առաջարկը. Reuters

Իսրայէլի անանուն պաշտօնեան Reuters-ին յայտնած է, որ պաղեստինեան «Համաս» շարժումը մերժած է պատանդները ազատ արձակելու առաջարկը։ Այս առաջարկը Կազայի հատուածին մէջ հրադադարի հաստատման վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի ծրագրի մէկ մասն էր, որ ընդունուած էր յունիս 11-ի գիշերը ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի կողմէ։

«Այսօր երեկոյեան Իսրայէլը միջնորդի միջոցով պատասխան ստացած է «Համաս»-էն։ Իր պատասխանին մէջ «Համաս» մերժած է պատանդները ազատ արձակելու առաջարկը, որ ներկայացուցած է նախագահ Պայտըն։ Անոնք փոխած են բոլոր հիմնական եւ կարեւորագոյն պարամետրերը»,-ըսած է գործակալութեան զրուցակիցը, որ խնդրած է անանուն մնալ։

Մինչդեռ «Համաս»-ի պաշտօնեան, որ եւս հրաժարած է ներկայանալ, Reuters-ին ըսած է, որ պատասխանը կը վերահաստատէ շարժման այն դիրքորոշումը, որ հրադադարը պէտք է յանգեցնէ Կազայի մէջ ռազմական գործողութիւններու մշտական դադրեցման, իսրայէլեան ուժերու դուրսբերման, պաղեստինեան անկլաւի վերականգնման եւ Իսրայէլի մէջ պաղեստինցի գերիներու ազատման:

«Մենք կրկնած ենք մեր նախկին դիրքորոշումը: Կը կարծեմ, որ մեծ բացեր չկան: Գնդակն այժմ Իսրայէլի դաշտին մէջ է», -ըսած է «Համաս»-ի աղբիւրը:

Աւելի վաղ «Համաս» յայտարարութիւն տարածած էր՝ ողջունելով ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի ընդունած բանաձեւը։ Յունիս 10-ին ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդն ընդունած է Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցած բանաձեւը՝ Կազայի հատուածի մէջ հրադադարի հաստատման փուլային ծրագրի վերաբերեալ։ Բանաձեւին կողմ քուէարկած է 15 երկրէն 14-ը։ Բանաձեւը կոչ կ՚ընէ դադրեցնելու կրակը, ազատ արձակելու «Համաս»-ի մօտ պահուող պատանդները եւ Իսրայէլի բանակը դուրս բերելու անկլաւէն։ Այն նաեւ կը մերժէ Կազայի ժողովրդագրական կամ տարածքային փոփոխութիւնները: